Եթէ մենք միասնական ՝ Հայաստան եւ սփիւռք չկասեցնենք Հայաստանի իշխանութեան դաւաճանական քայլերը, մենք գալիք սերունդներուն պիտի չկարենանք ժառանգել հայրենիք․ «Հայրենիք»
«Հայրենիք» – Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի զանազան քաղաքներու մէջ, տեղի ունեցան հաւաք եւ հսկում՝ ի զօրակցութիւն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին։ Յիշատակելի էր Ուաշինկթընի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակեպած՝ զօրակցական հաւաքին ընկերուհի Մեղրի Ակիլեանի ուղերձը։ Ստորեւ, խօսքը ամբողջութեամբ․ «Մենք մեր ընտրութեամբ հայ չենք ծնիր, բայց հա՛յ մնալը, եւ հայ ազգի հոգերով ապրիլը՝ մեր ընտրութիւնն է: