Փոխան զէնքի՝ սիւնք իւրեանց․ «Հայրենիք»
«Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց»: (Քաջերու սահմանները իրենց զէնքի ուժին մէջ են): Այս պատմական խօսքին հեղինակը մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին (410-480) է, որ վստահաբար ապշահար՝ ափ ի բերան պիտի մնար ի տես Հայաստանի այս օրերու ողբերգական իրադարձութիւններուն: Քաջերը ամէն գնով հեռու կը պահուին սահմաններէն. իր պաշտպանական կարողութիւնը յատկապէս Տաւուշի մէջ փաստած բանակը կը հեռացուի սահմանէն, իսկ