Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը
Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեանի։ Հանդիպման նպատակը եւ քննարկումներուն առանցքը Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին եւ